2015-01-08 14:17:45

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պաշտօնական հանդիպումները` Եզիտի պատուիրակութիւն մը այցելեց Ֆրանչիսկոս Պապին։


(Ռատիօ Վատիկան)
Հինգշաբթի, 8 յունուար 2015-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց Կաթողիկէ դաստիարակութեան Ժողովի կառավարիչ կարդինալ Զէնոն Կրոքոլեվսքին, Մալթայի ասպետական կարգի խնամակալ` Կարդինալ Ռայմոնտօ Լէօ Պուրքը, Փարիզի առաջնորդ` Կարդինալ Անտրէ Վէն Թրուա, Արժանթինի ''Քրուզ Տէլ Էյէ'' թեմի եպիսկոպոս` գերապայծառ Սանդիակօ Օլիվէրա եւ ապա Իտալիոյ Լացիօ նահանգի նահանգապետ Նիքոլա Ծինկարեթթի։ Նորին Սրբութիւնը հուսկ ընդունեց Եզտիներու համաշխարհային Պետը` Տիար Միր Թահսին Պէկը ու Իրաքէն ժամանած անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։

Կէս ժամ տեւող այս հանդիպումի մասին, Սուրբ Աթոռի բանբեր Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիի հաղորդած տեղեկութիւններու համաձայն, Եզտիներու պատուիրակութեան անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին Ֆրանչիսկոս Պապին Եզիտիներուն ցուցաբերած նեցուկին։ Անոնք ապա տեղեկացուցին թէ 5 հազար Եզտի կիներ առեւանգուած են եւ ստրկութեան ենթարկուած ՏԱՀԵՇի խմբակներու կողմէ ու ընդգծեցին քրիստոնեաներու եւ Եզտինեու միջեւ գոյատեւող բարի եւ զօրակցութեան յարաբերութիւնները։

Սրբազան Հայրը իր կարգին պատուիրակութեան ապահովեցուց իր հոգեւոր մօտիկութիւնը եւ իր նեցուկը մաղթելով որ շուտով վերահաստատուի արդարութիւնը եւ ազատ ու խաղաղ կեանքի կարելիութիւնը ըլլայ Եզտիներուն համար ըլլայ բոլոր հարստահարուած ու հալածուած փոքրամասնութիւններուն համար։

Յայտնենք որ աշխարհի մէջ Եզտիներու թիւը կը գերազանցէ կէս միլիոնը։ Անոնց մեծամասնութիւնը կ՛ապրի Իրաքի մէջ մինչ փոքրամասնութիւններ կը գտնուին նաեւ Թուրքիա, Վրաստան, եւ Հայաստան։








All the contents on this site are copyrighted ©.